ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՌԻԹ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ներկայացուցած էր Միւռոնօրհնութեան խորհուրդի, պատմութեան եւ նախապատրաստութեան մասին մանրամասներ: Այս անգամ ան սիրով կը ներկայացնէ բուն Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը, որ այս տարի, ինչպէս ծանօթ է, տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերի 27-ին: