Թրքահայ կեանք

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Մխիթարեան վարժարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու սաներուն համար առանձին փուլերով նախատեսուած էր այս խրախճանքը, որու առթիւ արտակարգօրէն ոգեւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ դպրոցէն ներս։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆ

Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակութեան տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանը, տնօրէն խորհուրդի անդամներն ու բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր նշուեցաւ Մայրենիի միջազգային օրը։ Այս առթիւ նախատեսուած հանդէսին յայտագիրը գործադրուիլ սկսաւ՝ Նորա Միթիլեանի բացման խօսքով։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՀԵՌԱՎԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Մայրենիի միջազգային օրուան առթիւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր հայերէնի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուրնաճըի եւ Լիանա Պենլիի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, տղաքը առցանց զրոյց մը ունեցան գերմանաբնակ ակադեմական Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայերէնով գրական պլոկ մըն ալ կը ղեկավարէ միեւնոյն ժամանակ:

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբի եւ Պէյօղլուսփորի մինչեւ 18 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբերուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ բարեկամական հանդիպում մը։ Խոր աւանդոյթներով այս երկու մարզակումբներու վարչայիններն ալ հետեւեցան խաղին, որու սկիզբին խմբապետները փոխանակեցին ծաղիկներ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ համանուն դպրոց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն պատասխանատուներ Գումգաբու փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրելու համար այս շաբաթավերջի աւանդական տօնակատարութիւններուն։

ՏԱՏԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մարի Եանճը եւ Սիլվա Աթընըզ, ինչպէս նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԹԱԼԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Չանքարն ու անդամներէն Արէտ Չաքըճըն։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՒ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, շաբաթավերջին արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներով՝ «FlyOne Armenia» ընկերութեան սաւառնակով։

Էջեր