ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆԵՐ
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին պոլսահայ զանազան վարժարաններէն կը հասնին տնօրէնի փոփոխութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այսպէս, յաջորդ տարի Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը պիտի ունենայ նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Տիրուհի Պերինի։
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին պոլսահայ զանազան վարժարաններէն կը հասնին տնօրէնի փոփոխութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այսպէս, յաջորդ տարի Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը պիտի ունենայ նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Տիրուհի Պերինի։
Եշիլգիւղի վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդէսով մը։ Շրջանաւարտութեան արարողութիւնը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան՝ մինչ Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչներն ալ ուրախակից էին թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ անոնց ծնողներուն։
Թոփգաբուի ընտանիքը թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտ տուաւ խանդավառ հանդէսով մը։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին շրջանաւարտները վառ ձեւով արտայայտեցին՝ դպրոցի նկատմամբ իրենց տածած սէրը։
Գալֆաեան Տան մէջ 2022-2023 կրթական շրջանի վերջաւորութիւնը բնորոշուեցաւ տարեվերջի ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ ողջունեց ներկաները, իսկ տղաքը զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահեց միջվարժարանային գիտութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը մրցոյթի օրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուստի մրցանակաբաշխութեան հանդէսը կատարուեցաւ երէկ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ Ֆէնէրճեան եւ ատենապետ Պերճ Զընկըքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէյի Անկախութեան օրուան առթիւ սարքած ընդունելութեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Առաջնորդ» պարախումբէն Նատին Պէրպէրեանը։ Հանդիպման ընթացքին ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն «Առաջնորդ» պարախումբը պիտի ունենայ նոր ելոյթ մը։
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Քիլիոս։ Իւրաքանչիւր կրթական շրջանի աւարտին, ամէն տարի ամառնամուտին, աւանդաբար ամբողջ դպրոցը կ՚իրականացնէ միօրեայ մեծ պտոյտ մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տանտիրութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային առաջին STEM մրցոյթը, որուն մասնակցութիւն բերին համայնքային վեց միջնակարգերէ աշակերտներ։ STEM-ը, որ աշակերտներուն ուղեցոյց կը դառնայ զանազան հարցերու լուծման ընդունակութեան մէջ, ներկայ դարու ամենակարեւոր ուսուցման մեթոտներէն մին է։