ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, այսօր երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ օրակարգի վրայ կու գան պոլսահայ վարժարաններու վերաբերեալ առկայ խնդիրները։
SEV-ի նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ ժողովը եւ ձեւաւորեց դիւանը:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ շարք մը փառատօներով։ Այսպէս, տարեվերջի հանդէսներէն անդին այս ծրագիրը առանձնայատուկ նշանակութիւն մը ունեցաւ տղոց համար։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը այս տարի ունի 35 շրջանաւարտ։ Դպրոցի 2022-2023 տարեշրջանի հունձքը նախընթաց օր հրաժեշտ առաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէս, որուն ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի շրջանաւարտութեան օրուան հանդէսին առթիւ։ 54-րդ շրջանի վկայեալները այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչներուն եւ իրենց դասընկերներուն կողմէ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ լիսէի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գիրք մը, որ հերթական նուէրը կը համարուի պատանի ընթերցասէրներուն համար։ Հրատարակչատան այս նոր գիրքը կը կոչուի «Կիրակոսը»։
Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։