Թրքահայ կեանք

ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՎԱՌ ՋԱՀԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

114 տարի…
Հայաշխարհի հնագոյն օրաթերթը, հայ մամլոյ նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ տարի մը եւս բոլորելով, պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը ապահովելով, եռանդով ու նուիրումով կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը։ 

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տիարպաքըրի մէջ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որու վերանորոգութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՀԵՏ

Գալֆաեան Տան մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ կազմակերպուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ հայ մշակոյթի ամսուան շարժառիթով։ Այս ձեռնարկին վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ հայր սուրբը վարժարանի հոգեւոր խորհրդատուն է եւ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկած է ուսուցչական կազմին համար՝ անդրադառնալով Ս. Թարգմանչաց շարժման կարեւորութեան։

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ խանդավառ մթնոլորտով։ Բոլոր դասարաններու սաները ելոյթներով հանդէս եկան՝ իրենց մակարդակին համապատասխան։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնով դպրոցէն ներս արտասովոր օր մը ապրուեցաւ։

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Տղաքը այս յատկանշական տօնը նշեցին իրենց ուսուցիչներու վերահսկողութեան ներքեւ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս լատին-կաթոլիկներու նորանշանակ վիճակաւոր Հայր Մասսիմիլիանօ Փալինուրոն։ Ներկայիս այս վերջինը պաշտօնամուտի առթիւ քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ քաղաքիս հոգեւոր առաջնորդներուն եւ այս ծիրէն ներս ալ այցելեց Պատրիարքարան։

Էջեր