ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը երէկ կազմակերպեց փազըլի մրցոյթ մը։ Համաշխարհային փազըլի օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ:
Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապետիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական արարողութեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու համակրելի երաժիշտ Իլտա Սիմոնեանը, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքէն Նազար Պինաթլը։
Ղալաթիոյ խնամակալութեան նորընտիր ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզին։
Շիշլի մարզակումբը՝ դպրոցական ներկայ արձակուրդի ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, կազմակերպեց իր պատանի մարզիկներուն համար ճամբար մը։ Մալթեփէի համալսարանի «Մարմարա» կրթական աւանէն ներս, «Մարմա» պանդոկի երդիքին տակ համախմբուեցան շիշլիցի պատանի մարզիկները, որոնք քառօրեայ ծրագրի մը հետեւեցան։
Գաւառի համայնքներու հոգեւոր տեսուչ եւ Անտիոքի եկեղեցեաց հովիւ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեանի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն եւ Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները կատարեց։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար Եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ-Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ մարտի 12-ին նախատեսուած ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը այս շրջանին կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։
Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ նախընթաց օր ծագած հրդեհին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տխուր պատահարը մեծ ցաւ պատճառած է բոլորին՝ մանաւանդ, որ խլած է երկու զոհ։