ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու շարք մը գործակիցները, որոնք փութացած էին իր օրհնութիւնը ստանալու՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։