ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Շահնար Պոշնաք, Սելին Գույումճեան եւ Օշին Փոլատ։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, ընտրութիւններուն ընդառաջ մեր հիւրերը եղան թեկնածուներէն Մարի Աքավաֆեան, Յակոբ Տուրսուն եւ Արիս Տեմիր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ շարք մը հաւաքոյթներու, որոնք կազմակերպուած էին Գերմանիոյ նախկին նախագահներէն Քրիստիան Վիլհելմ Վալթեր Վուլֆի Իսթանպուլ այցելութեան առթիւ։ Նախկին նախագահը կիրակի երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի կողմէ։
Համայնքային ընտրութիւնները կը շարունակուին. երէկ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս եւս վեց եկեղեցւոյ մատակարար մարմնի կազմը վերանորոգուեցաւ:
Ընտրութիւններու երէկուան փուլին միայն Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար մրցակցութիւն կար։ Ոսկեգոյն եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի ներգրաւուած էին։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երախտիքի խոր զգացումներով ոգեկոչեց բարեյիշատակ Ունճեան եղբայրները։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատրաստութեան Յիսնակի շրջանի առաջին կիրակիին, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալք Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի։ Վաղը 6 թաղային խորհուրդի պարագային ընտրութիւն պիտի կատարուի համայնքէն ներս։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ուսուցչաց օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Հանդէսի յայտագրին մասնակցութիւն բերին դպրոցի բոլոր դասարաններէն սաներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալը եւ իր գործակից ընկերները։ Եասուլքալ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդը, յառաջիկայ ընտրութիւններուն ալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը՝ կարգ մը նոր անուններու ներգրաւումով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցանկի անդամները։