Թրքահայ կեանք

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Ղալաթիոյ խնամակալութեան նորընտիր ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզին։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՃԱՄԲԱՐԸ

Շիշլի մարզակումբը՝ դպրոցական ներկայ արձակուրդի ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, կազմակերպեց իր պատանի մարզիկներուն համար ճամբար մը։ Մալթեփէի համալսարանի «Մարմարա» կրթական աւանէն ներս, «Մարմա» պանդոկի երդիքին տակ համախմբուեցան շիշլիցի պատանի մարզիկները, որոնք քառօրեայ ծրագրի մը հետեւեցան։

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԵՒ ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ

Գաւառի համայնքներու հոգեւոր տեսուչ եւ Անտիոքի եկեղեցեաց հովիւ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեանի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն եւ Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները կատարեց։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՆՈՐ ԶԵԿՈՅՑՆԵՐ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ մարտի 12-ին նախատեսուած ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը այս շրջանին կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՐԱՏԱՆ ՄԷՋ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՀՐԴԵՀ. 2 ԶՈՀ

Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ երէկ երեկոյեան ծագեցաւ սարսափելի հրդեհ մը, որ դժբախտաբար խլեց երկու զոհ։ «Անատոլու» գործակալութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս դէպքին, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ալ խոր ցաւ յառաջացուց։ Իսթանպուլի հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց դէպքին՝ մինչ թրամվայի գծի երթեւեկն ալ ընդհատուեցաւ։

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ ուխտագնացութեամբ կը գտնուի Երուսաղէմ, տեղեկանալով Ղալաթիոյ Յիսուս Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծագած հրդեհին, ցաւակցական գիր մը ղրկեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանին։

Էջեր