ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ ՋՆՋՈՒԱԾ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պոլսահայ սանուց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք Պատրիարքարան փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկացնելու համար, թէ յառաջիկայ Բարեկենդանին կազմակերպուելիք միջմիութենական խրախճանքը ջնջուած է՝ ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Պոլսահայ աղքատախնամ մարմինները կը համակարգեն աղէտեալներու համար սկսած զօրակցութեան արշաւը:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածութիւն ներկայացուց 6 խումբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, համայնքային մարմիններու ատենապետները երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեցին Գումգաբուի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պալաթի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան սաստիկ երկրաշարժին առթիւ երէկ ցաւակցութիւններ յայտնեց պետական աւագանիին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վշտակցական պատգամներ յղեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։
Որպէս երկրի անանջատելի տարրերէն մին՝ թրքահայութիւնը շարժման անցած է երկրաշարժի ծանր ու ողբերգական հետեւանքներու լոյսին տակ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ համայնքային հրատապ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց Գումգաբուի մէջ։ Այս ժողովին մասնակցեցան ընդհանրապէս Պատրիարքական Աթոռի ընկերային զօրակցութեան յանձնախումբի անդամները։