ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ենթակայ Ֆոքոլարէ շարժման անդամուհիները։ Սոյն խումբի անդամուհիներէն Տանիէլա Տեկասփերի յայտնեց, թէ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուի, իբր այդ փափաքած է հրաժեշտ առնել Նորին Ամենապատուութենէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին կապակցութեամբ երէկ ցաւակցականներ ուղարկեց պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերուն։
Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ անդրադարձաւ համայնքային ընտրութիւններուն:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ հիւրընկալել համայնքիս ակադեմական շրջանակներէն դէմքեր։ Նախընթաց օր, Պատրիարքարանի երդիքին տակ հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ այս ձեւաչափին մէջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արք. Մաշալեան ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Մարիամ Քեչեճիի։
Մեր համայնքի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ իսկական վայելք մը եղաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Սիւլէյման Սեպա» կեդրոնին մէջ։ Իսկապէս խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով արժեւորուեցաւ հոկտեմբերը՝ Հայ մշակոյթի ամիսը, որու շրջանակներէն ներս նշուեցաւ նաեւ Թարգմանչաց տօնը։ Դպրոցին մէջ տղաքը զանազան ձեռնարկներու մասնակցեցան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճավաքն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Անոնք այցելութեան փութացած էին՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։