ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակութեան տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ վերջին օրերուն մեկնած էր աղէտի գօտի, այսօր կէսօրուան ժամերուն վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, փոխանորդ տէր հայրը անցեալ հինգշաբթի երեկոյեան աղէտի գօտի մեկնած էր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթ նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Զանազան թաղերէ ուխտաւորներ փութացած էին եկեղեցի, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որուն զուգահեռ նախատեսուած էր Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը որոշած է կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ՝ պոլսահայ համայնքային վարժարաններու ֆիզիքական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եւ Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր թաղային խորհուրդներու անդամները։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անձամբ կը հետեւի աղէտեալներու համար սկսած օժանդակութեան արշաւին:
Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ: