ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հոգեգալստեան տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 215-րդ տարեդարձին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։
Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջլիսէական մարզական փառատօն մը։ Եռօրեայ ծրագրին համայնքային հինգ լիսէներուն առընթեր մասնակցեցաւ նաեւ Զափիոն յունաց լիսէն։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի մէջ յաջողութիւն մաղթեց թրքահայ աշակերտներուն:
Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններէն վերջ, բարեզարդման համալրումն ու կատարելագործումը կը շարունակուի։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելած է Տիարպաքըր։
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։
Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ մարզական փառատօն մը, որուն մասնակցեցան համայնքային զանազան նախակրթարաններ եւ միջնակարգներ։ Իր տեսակին մէջ 15-րդ այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պաղլարպաշըի «Պուրհան Ֆելեք» մարզասրահին մէջ։
Կը տեղեկանանք, որ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ առցանց ոգեկոչում մը կազմակերպուած է նորոգ հանգուցեալ գիւղագիր եւ հրապարակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի յիշատակին։ Հոգելոյս Մկրտիչ Մարկոսեան եղած է Կեդրոնականի 1957 թուականի շրջանաւարտներէն եւ այսօր իր հասած հաստատութիւնը արդէն կը կազմակերպէ իր վերյիշման համար համացանցային միջավայրի մէջ ձեռնարկ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Հանդէսի առաջին բաժինը կեանքի կոչուեցաւ յարակից Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։
Էսաեան վարժարանի սաները վերջերս շարք մը ծրագիրներու մասնակցեցան եւ իրականացուցին պտոյտներ։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի տղաքը մասնակցութիւն բերին «Թեքնոլոժի, ուսողութիւն, մտապատկերացում, անջրպետ եւ բնութիւն» անուանեալ աշխատանոցներու շարքին։