ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ERVAB-Ի ԺՈՂՈՎ
Համայնքային շրջանակներէ ներս արդէն անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որ հրապարակուեցաւ շաբաթավերջին։ Կը տեղեկանանք, որ այս նոր կանոնադրութեան արժեւորման նպատակով Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս չորեքշաբթի ժողով մը պիտի գումարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ուրախակից եղան Վազգէն-Նուարդ Պարըն ամոլին, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր երախտաշատ աշխատանք կը ծաւալէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Վազգէն եւ Նուարդ Պարըններու դստեր՝ Սարա Պարընի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի օրուան առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հոծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ եղանակի առաջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ այս շաբաթավերջին վերադարձած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ կատարելագործած ըլլալով բարձրագոյն ուսումը։
Գալֆաեան Տան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Ներկայ գտնուեցան խնամակալութեան ներկայացուցիչները, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի տարեվերջի հանդէսը։ Տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ջերմօրէն ողջունեց բոլոր սաները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային լիսէներու այս տարուայ շրջանաւարտներուն հետ։ Շաբաթավերջին համալսարանի մտից քննութիւններուն ընդառաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս տարուայ ընթացաւարտ դասարանի սաներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2021-2022 կրթական շրջանի ընթացաւարտները խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին՝ արժանանալով ջերմ վերաբերմունքի։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին մանկապարտիզպանուհի Սիպիլ Աւագօղլու փոքրիկները ողջունեց ջերմ արտայայտութիւններով։