ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Այսպէս, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պոլսահայ սանուց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք Պատրիարքարան փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկացնելու համար, թէ յառաջիկայ Բարեկենդանին կազմակերպուելիք միջմիութենական խրախճանքը ջնջուած է՝ ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Պոլսահայ աղքատախնամ մարմինները կը համակարգեն աղէտեալներու համար սկսած զօրակցութեան արշաւը:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածութիւն ներկայացուց 6 խումբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, համայնքային մարմիններու ատենապետները երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեցին Գումգաբուի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պալաթի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի։