ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու նոր ընտրական կանոնադրութեան հրապարակումը կը շարունակէ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դառնալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Նոր կանոնադրութեան բովանդակութիւնն ու գործադրութեան փուլի հաւանական մենկաբանութիւնները քննարկման առարկայ կը դառնան բոլոր հարթութիւններու վրայ՝ մինչ վաղը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ նախատեսուած է Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) համապատասխան օրակարգով խորհրդակցութիւնը։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը արդար հպարտութիւն կ՚ապրի վերջին նուաճումով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Մենթի-մենթէօր» ծրագրի 2021-2022 շրջանի մասնակիցները, որոնց յանձնեց վկայականներ։ Երիտասարդները նախ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեցին՝ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի գլխաւորութեամբ։
Համայնքային շրջանակներէ ներս արդէն անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որ հրապարակուեցաւ շաբաթավերջին։ Կը տեղեկանանք, որ այս նոր կանոնադրութեան արժեւորման նպատակով Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս չորեքշաբթի ժողով մը պիտի գումարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ուրախակից եղան Վազգէն-Նուարդ Պարըն ամոլին, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր երախտաշատ աշխատանք կը ծաւալէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Վազգէն եւ Նուարդ Պարըններու դստեր՝ Սարա Պարընի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի օրուան առթիւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հոծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ եղանակի առաջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ այս շաբաթավերջին վերադարձած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ կատարելագործած ըլլալով բարձրագոյն ուսումը։
Գալֆաեան Տան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Ներկայ գտնուեցան խնամակալութեան ներկայացուցիչները, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի տարեվերջի հանդէսը։ Տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ջերմօրէն ողջունեց բոլոր սաները։