Տ. ԳԱՍՊԱՐ ԱԲԵՂԱՅ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ անդամները՝ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան վերջին օրերուն իրենց անդրանիկ սուրբ պատարագները մատուցին՝ աւարտած ըլլալով ձեռնադրութեան յաջորդած ապաշխարութեան շրջանը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները արդէն եզրափակուած են։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցան այս դասընթացքները, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին թէ՛ մեր նոր սերունդի համախմբման եւ թէ՛ արձակուրդի շրջանին եռուզեռ մը, ընկերային շարժում մը ապահովելու առումով։
Համայնքային ընտրութիւններու կազմակերպման աշխատանքները հետզհետէ կը հեռանան համակարգուած բնոյթ ունենալէ:
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ կոչով մը։ Թէեւ երկար ժամանակ վերջ համայնքային ընտրութիւններու իրականացման շօշափելի հեռանկարը ուրուագծուած է, սակայն, նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ համայնքային վարիչներու ցուցաբերած մօտեցումը մեծ յուսախաբութեան եւ մտահոգութեան պատճառ դարձած է։
Գնալը կղզիի մէջ Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հոգելոյս Ղազարոս Ունանի յիշատակին ձօնուած վոլէյպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։
ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկի նախաորակաւորման փուլի F խմբաւորման հանդիպումները, որոնք Քոճաէլիի մէջ կազմակերպուած էին, հասան իրենց աւարտին։
Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին ուղեւորութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, եղանակի եզրափակիչ փուլին յարգանքով ու կարօտով վերյիշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ նախկին գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վշտակցեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նուարդ Շահապօղլուի հարազատներուն:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ պաշտօնական դիմում մը կատարեց ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հասցէագրուած համապատասխան աղերսագիրը յանձնուած է նոյն տնօրէնութեան Իսթանպուլի Բ. շրջանի մասնաճիւղին։