ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՂԵԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակին ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սեդա Պէշիկթաշլեան, Թալին Գույումճու, Լինտա Աքչէլեան եւ Մինաս Մեծատուր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց-Սագօ Արեան ամոլը, որ քաղաքավարական այցելութեան մը փութացած էր Գումգաբու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու շարք մը գործակիցները, որոնք փութացած էին իր օրհնութիւնը ստանալու՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ողջունէ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին կազմը:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Շահնար Պոշնաք, Սելին Գույումճեան եւ Օշին Փոլատ։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, ընտրութիւններուն ընդառաջ մեր հիւրերը եղան թեկնածուներէն Մարի Աքավաֆեան, Յակոբ Տուրսուն եւ Արիս Տեմիր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ շարք մը հաւաքոյթներու, որոնք կազմակերպուած էին Գերմանիոյ նախկին նախագահներէն Քրիստիան Վիլհելմ Վալթեր Վուլֆի Իսթանպուլ այցելութեան առթիւ։ Նախկին նախագահը կիրակի երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի կողմէ։
Համայնքային ընտրութիւնները կը շարունակուին. երէկ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս եւս վեց եկեղեցւոյ մատակարար մարմնի կազմը վերանորոգուեցաւ:
Ընտրութիւններու երէկուան փուլին միայն Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար մրցակցութիւն կար։ Ոսկեգոյն եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի ներգրաւուած էին։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երախտիքի խոր զգացումներով ոգեկոչեց բարեյիշատակ Ունճեան եղբայրները։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատրաստութեան Յիսնակի շրջանի առաջին կիրակիին, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալք Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։