ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի արարողութիւններուն նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, տաղաւարի նախորդող օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Թուրքիոյ հարաւային քաղաքները՝ մինչ զուգահեռաբար կազմակերպուած ուխտագնացութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշեց Վաքըֆլըգիւղը։
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը աւանդական ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ յաջորդած Խաղողօրհնէքին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի ազգային յուղարկաւորութեան կարգը, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Նշան Եաղուպեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ան մասնագիտական գետնի վրայ ծաւալած էր բեղուն աշխատանք՝ մինչ տասնամեակներ շարունակ մեր համայնքին համար ալ մատուցած էր երախտաշատ ծառայութիւն։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք, որ նախորդեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին։ Այսպէս, յետմիջօրէին Գնալըի բարձունքին համախմբուեցան բազմաթիւ պատանի հաւատացեալներ, որոնք եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան աղօթքի։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Գնալը կղզիի մէջ երէկ սկսաւ Շիշլի մարզակումբի պատուոյ նախագահներէն հոգելոյս Ղազարոս Ունանի յիշատակին կազմակերպուած վոլէյպոլի մրցաշարքը, որուն կը մասնակցի տասն խումբ։
Քամփ-Արմէնի վերակառուցման նպատակով ստեղծուած յանձնախումբը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի հետ։ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ գլխաւորուած խումբը քաղաքապետին հետ տեսակցեցաւ Էմիրկեանի Սպիտակ ապարանքին մէջ։
Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» յօդուածներու ժողովածոն երէկ Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթով մը։
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ շփումներ ունեցաւ Մերսինի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի գաւառ։ Ս. Աստուածածնայ տաղաւարին ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելութիւն կը շնորհէ Թուրքիոյ հարաւային շրջաններու քաղաքներու մերազն ժողովուրդին։
Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» յօդուածներու ժողովածոյի ներկայացման ձեռնարկ: