Թրքահայ կեանք

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Պոլսոյ Աթոռի նոր գահակալը՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջերս Կրօնական ժողովի ատենապետն էր, իսկ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդութեան տարիներուն վարած էր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն չորս ներկայացուցիչ. յանձին՝ Նուարդ Պարընի, Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլուի, Եւգինէ Վանլըօղլուի եւ Նուրհան Սուճուեանի։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Կեդրոնական վարժարանին մէջ Ամանորի սեմին տեղի ունեցաւ քէրմէս մը ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Աւանդական այս ձեռնարկի բացման մասնակցեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։

ԷՍԱԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՇԱՆԹ ՇԻՄՇԷՔՉԱՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Էսաեան վարժարանի 12-րդ դասարանի գիտական ճիւղի աշակերտներէն Շանթ Շիմշէքչաք վերջերս մասնակցութիւն բերաւ «Աճըպատէմ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէին կողմէ կազմակերպուած մրցումի մը։ IGEM (Int. Genetically Engineered Machine Competition) կոչուած այս մրցումը տեղի ունեցաւ երկու փուլով։

ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ

Ամանորի սեմին Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ այս հանդիսութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսի բացման մասնակցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, որու կողքին էին իր գործակիցները։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՄԷՋ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գալֆաեան տան սաներէն Էլիզապէթ Եիղիթօղլու եւ Արին Պաքըրճը վերջին օրերուն մասնակցութիւն բերին միջվարժարանային մարմնամարզի մրցաշարքի մը, որ կազմակերպուած էր «Քիւլթիւր» քոլէճին կողմէ։ Աթագիւղի TAF մարզադահլիճին մէջ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ շուրջ 700 աշակերտ։

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս վերջերս Ուսուցչաց օրուան առթիւ տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ։ Առաջին առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին աշակերտները յայտագիր մը գործադրեցին իրենց ուսուցիչներուն համար։

ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած այս քէրմէսը արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։

ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄԻ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի կողմէ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, Նախաձեռնարկ մարմինը ամբաստանելով դատ մը բացած էր գործընթացի կասեցման պահանջով։

Էջեր