ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր երեկոյեան կը մասնակցի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։
Հայ Երուսաղէմը, որ ըստ Հին տոմարի կը նշէ Ս. Զատիկը, տօնական շրջանին հիւրընկալեց բազում ուխտաւորներ։ Այս ծիրէն ներս, անցեալ շաբթուայ տեւողութեան Սուրբ Քաղաք այցելեցին հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն երկու յայտնի դէմքեր՝ Փրակի «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան եւ կողակիցը՝ լրագրող Աննա Կարապետեան, որոնք մասնակցեցան Աւագ շաբթուայ աւանդական արարողութիւններուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ապրիլի 24-ի յիշատակութեան առթիւ տուաւ պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Մարի Տէյիրմենճեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէ ներս՝ մանաւանդ պոլսահայ կրթական համակարգին մօտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հանդիսապետեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ քարոզեց։
Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ՝ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած եւ արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի ժառանգութեան ձօնուած գիրքի երրորդ տպագրութեան շնորհանդէսը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարք մը։ Համավարակի հետեւանքով վերջին երկու տարիներուն ընդհատուած աւանդութիւնը այսպէսով վերականգնուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպուած շնորհաւորական հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Եկեղեցական հանդիսութիւններէն վերջ պահքի սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ «Հիլթըն» պանդոկէն ներս:
Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները բարեմաղթանքներ կը փոխանակեն Ս. Զատկի առթիւ: