ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԹԱԼԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Չանքարն ու անդամներէն Արէտ Չաքըճըն։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, շաբաթավերջին արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներով՝ «FlyOne Armenia» ընկերութեան սաւառնակով։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց երէկուան օծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն, որոնց յաջորդեց «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած սիրոյ սեղանը: Երախտագիտութեամբ ընդգծուեցաւ յայտնի նկարիչ Էրոլ Սարաֆեանի վաստակը:
Մեր համայնքի արժէքաւոր գիտնականներէն տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեանի կողմէ պաշտպանուած թեզը վերջերս հրատարակուած է գիրքի ձեւաչափով։ Իսթանպուլի համալսարանի Ընկերային գիտութեանց կաճառէն ներս, փրոֆ. Ֆաթմա Շեպնէմ Արըքպողայի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած գիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մըն է այս մէկը։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ներկայ շաբթուայ առաջին կէսին շարք մը շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի դիւանը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է, որ Զեքիեան Գերապայծառ դէպի Անգարա ուղեւորութեան ժամանակ շօշափած է հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ կարգ մը վարչական կամ մշակութային բնոյթով հարցեր։
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Անձնական բնոյթով ուղեւորութիւն մըն է այս մէկը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։