ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Մխիթարեան վարժարանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը արժեւորուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ։ Դեկտեմբերի վերջին օրերը բնորոշուեցան տօնախմբութիւններով, որոնք թէ՛ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին դպրոցէն ներս եւ թէ աշակերտները հաղորդ դարձուցին մեր արժէքներուն։
«Նոր» եւ «նորութիւն» անուանումը կրող ամէն ինչ յուզումնալից ակնկալութիւններ կը ստեղծէ մեր մէջ: Սակայն այդ յուզումները չեն պճնուիր միշտ լաւատես գոյներով եւ չեն գոյացներ յուսալիր եւ ուրախ թրթռացումներ մեր հոգիներուն մէջ:
Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Ցերեկոյթի ընթացքին դպրոցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի «Մենթի-մենթէօր» խումբի հանդիսաւոր հաւաքը, որ զուգադիպեցաւ Ամանորի շրջանին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ կազմակեպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ ու բարձր տրամադրութիւն՝ մանաւանդ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ համախմբուեցան «Աւանդական» եւ «Մեր տանիք» խումբերը, որոնք վերջին շրջանին պոլսահայ ընկերային կեանքէն ներս նկատելի աշխատանք կը տանին։ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի եւ յիշեալ երկու խումբերու մղիչ ուժերէն Եասմին Ռոսթոմեանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած հաճելի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին կազմակերպեց Ամանորի խրախճանք մը։ Աւանդական ու խանդավառ այս հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Քուրթուլուշի մարզակումբին մէջ, որ վերջերս համոյթի երդիքը դարձած է ստիպողական պայմաններով։
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ վախճանման քառասնից լրման առթիւ։ Օրուայ սկիզբին ան ոգեկոչուեցաւ՝ իր հասած Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին՝ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան ու մատաղօրհնութեան առթիւ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց Գումգաբուի արարողութիւններուն, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը:
Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ ենթարկուած է վիրահատութեան մը։ Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Զեքիեան Գերապայծառի անցուցած գործողութեան պատճառով Ս. Ծնունդի առթիւ Սաքըզաղաճի պաշտօնական աւանդական ընդունելութեան թուականը փոխուած է։