Թրքահայ կեանք

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՅԱՋՈՂ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Շիշլի մարզակումբի մարզիկները ճատրակի մէջ զանազան տարիքային դասաւորումներէ ներս վերջերս արժանացած են մետայլներու եւ նուաճած՝ բաժակներ։ Շիշլիցիները մասնակցութիւն բերին 2021 թուականի Թուրքիոյ փոքրերու եւ աստղերու դասաւորման ճատրակի խմբային մրցաշարքի Իսթանպուլի հանդիպումներուն։

ԳՆԱԼԸԻ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Գնալը կղզիի մէջ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ երէկ տեղի ունեցան ֆութպոլի հանդիպումներ։ Տաղաւարի օրուան բնորոշ համայնքային մարզակումբերուն կողմէ կեանքի կոչուած աւանդական նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութիւնով ու ջանքերով՝ այս տարի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է աղօթքի եւ ուխտի շաբաթ մը։ Երէկ, այս ծիրէն ներս կղզիի վրայ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան համար մշակութային շրջապտոյտ մը։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Բարձր փորձագիտութիւնները՝ մասնաւորապէս տեղեկատուութեան փորձագիտութիւնները հետզհետէ աւելի գերակշիռ տեղ մը զբաղեցնել սկսած են մարդկութեան առօրեային մէջ։ Զուգահեռաբար՝ ուսումնական հաստատութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ ալ տեղ կը գտնեն համապատասխան առարկաներ, որպէսզի նոր սերունդը տակաւին դպրոցական տարիներէն սկսեալ զինուած ըլլայ այս ուղղութեամբ։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ 14 ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՏՈՒԱՒ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը 2020-2021 ուսումնական տարուայ աւարտին ունեցաւ տասնչորս շրջանաւարտ։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով դասաւանդութիւնները ընդհանրապէս հեռավար դրութեամբ տեղի ունեցան, սակայն դպրոցը յաջողեցաւ անխափան ձեւով տարի մը եւս հասցնել աւարտին, մինչ այս տարուայ ընթացաւարտներն ալ մեկնեցան Հայաստան, ուր պիտի շարունակեն իրենց ուսումը։

ՆԿԱՐՈՂ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ կը շարունակուին կղզեբնակ ընտանիքներու փոքրիկներուն ուղղեալ ձեռնարկները։ Այսպէս, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Նկարահանող մարդամեքենայ» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ կեանքի կոչուեցաւ խնամատար մարմնի անդամներէն Էննա Էօքքէի առաջնորդութեամբ։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) վանքին մէջ, նախընթաց օր, ժամը 18.00-ին, յունաց օրացոյցին համաձայն Վարդավառի տօնի նախատօնակը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ՝ Պրուսայի Եոաքիմ Մետրապոլիտին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ Համբարձում Քիւչիւք։

ԹԱՆԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ յատկանշական շնորհանդէս, Հայկ Քիւչիւքեանի վառ յուշերը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնած «Անձայնութեան ձայնը» բանաւոր պատմութեան ծրագրի շրջանակէն ներս լոյս տեսաւ «Գնալըկղզեցի հայերը կը խօսին» շահեկան գիրքը:

ՆԱՏԻՆ ԹՈՓՈՒԶՕՂԼՈՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՄԲ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Նատին Թոփուզօղլու առաջնութեամբ աւարտած է Պահչէշէհիրի համալսարանի ֆիզիոթերափիի ու վերակենդանացման բաժինը։

Էջեր