ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԱՐԱ
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ներկայ շաբթուայ առաջին կէսին շարք մը շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի դիւանը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է, որ Զեքիեան Գերապայծառ դէպի Անգարա ուղեւորութեան ժամանակ շօշափած է հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ կարգ մը վարչական կամ մշակութային բնոյթով հարցեր։
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Անձնական բնոյթով ուղեւորութիւն մըն է այս մէկը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի պատանի դաշնակահարներէն Պարէտ Չաղլըչուպուքճու վերջերս ողջունելի յաջողութիւն մը արձանագրած է։ Այսպէս, ան մասնակցած է Չուքուրօվայի համալսարանի Պետական երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած Ատանայի Գ. միջազգային ռափսոտի դաշնակի մրցոյթին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արագ ապաքինում մաղթեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին, որ քորոնաժահրով վարակուած է, Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի հետ։ Շաբաթավերջին այս լուրը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ երկրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, այս եկեղեցին ներկայիս ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, բարոյական առումով վերահաստատուած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, սակայն որպէս վարչական միաւոր՝ անոր վաքըֆը կը գործէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինը։ Այս երկու այցելութիւններն ալ քաղաքավարական բնոյթ ունէին։