ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԷՏ ԵՒ ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԻ ԱԶՆԻՒ ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան խորհրդակատարութեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թրքահայ համայնքէն աւելի քան 7 հազար հոգի երէկ Իսթանպուլի Բ. եւ Գ. ընտրաշրջաններէն ներս պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ փութաց քուէատուփի մօտ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Յիսնակի Բարեկենդանի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
4 թաղերէ ներս կայ մրցակցութիւն: Ֆէրիգիւղի պարագային կը տիրէ համախոհութիւն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Հարկ է նշել, որ Սամաթիոյ պարագային նախկին թաղային խորհուրդի անդամներէն ոմանց եւ նոր դէմքերու համադրութեամբ ստեղծուած է թեկնածուներու ցանկ մը՝ գլխաւորութեամբ Նուրհան Տավուլճեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Ինչպէս ծանօթ է, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը մեր համայնքէն ներս բացառիկ նշանակութիւն ունի իր նմաններու շարքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն ներկայացուցած կապոյտ ցանկի անդամները։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց համայնքային նախակրթարաններու տնօրէնները:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը։ Այս վերջինը այժմու թաղային խորհուրդի կարգ մը անդամներուն եւ նոր անուններու հետ թեկնածութիւն առաջադրած է, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին ալ ստանձնէ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը: