ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Էսաեան սանուց միութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Այս առթիւ միութեան ներկայացուցիչները երէկ հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
Էսաեան սանուց միութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Այս առթիւ միութեան ներկայացուցիչները երէկ հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց նուիրատուները եւ ցուցմունքներ տուաւ նոր շրջանին համար:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գործունէութեան տեղեկագիրը:
Անթալիայի մէջ նախորդ շաբթուայ տեւողութեան տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ճատրակի առաջնութիւնը՝ ըստ զանազան տարիքային դասաւորումներու։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբէն 18-ամեայ Պերքայ Էքինճի, որ թէ՛ աստղերու եւ թէ գլխաւոր կազմին մասնակից է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ոչքունեան։ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան նուիրահաւաքն ալ երէկ տեղի ունեցաւ զուգահեռաբար։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տարուան ընթացքին տարբեր պաշտօններ իրենց տօնակատարութեանց համար սահմանուած յատուկ օրեր կ՚ունենան, ինչպիսին են վարդապետաց տօնը, քահանայից տօնը, ուսուցչաց տօնը, բժշկաց տօնը եւ այլն։ Այս տօները, առիթներ կը դառնան, որպէսզի հոգեւոր եւ ընկերային տօնակատարութիւններով յատուկ անդրադարձ կատարուի յիշեալ ասպարէզներու պարտաւորութիւններուն եւ պատասխանատուութեանց։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Հոլանտայի փոխ-դեսպան Էրիք Վեսթրէյտը, որ Պատրիարքարան այցելեց ընկերակցութեամբ քաղաքիս մօտ Հոլանտայի աւագ հիւպատոս Արիէն Վիթերլինտի։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սաները վերջին օրերուն այցելեցին հոգելոյս Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայրը՝ մինչ նշուեցաւ իր նահատակման 15-րդ տարելիցը։ Յիշողութեան վայրի համակարգող Նայադ Գարաքէօսէ եւ հիմնարկի Թուրքիա-Հայաստան ծրագրի համակարգող Թալին Սիւզմէ ուղեկցեցան աշակերտներուն՝ բացատրութիւններ տալով անոր կենսագրութեան ու գաղափարներուն շուրջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը, որ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան հաղորդեց, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պաշտօնագիր մը հասած է թաղային խորհուրդին։ Խնդիրը կը վերաբերի 23 մայիս 2020 թուականին եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման, երբ Մազլում Սերին անունով անձ մը կոտրած էր մուտքի դրան խաչը
Մեր համայնքի համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ հարցազրոյց մը տուած է Երեւանի «Արեւելք» կայքէջին՝ խորհրդածութիւններ ընելով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «Յատկապէս այս շրջաններուն բոլորս խաղաղութեան կարիքը ունինք, որովհետեւ աշխարհի վրայ խաղաղութենէն աւելի լաւ բան չկայ», ըսած է ան։