ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՈՒՐՔ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ յետմիջօրէին, ընդունեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Սենիհա Պիրանտ Չընարի եւ իր ընկերակիցներուն այցելութիւնը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն այցելութիւնը, որու ընթացքին աւագ հիւպատոսը ծանօթացաւ Նորին Ամենապատուութեան հետ։
Մկրտիչ Մարկոսեան յաւերժութեան ուղեւորման փուլին առարկայ դարձաւ համատարած յարգանքի:
Ծաղկազարդի տօնին ընդառաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակները լուսաբանեցին՝ եկեղեցապատկան ապարանքի վերանորոգութեան ծրագրին շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որու հետ էին նաեւ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայ։ Այցելութեան ընթացքին Ուսուցչաց հիմնարկի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու ժողովածոն։
Տիգրանակերտի վերջին վկան հրաժեշտ առաւ՝ աւանդելով վիթխարի վաստակ մը, որ հայ գիւղագրութեան ժառանգութեան արդի շրջանի առանցքը բնորոշած ծաւալուն արտադրանքով արժանացած է համատարած գնահատանքի ու տակաւին կ՚արժեւորուի ժամանակներու մէջ:
Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան հերթական տօնը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ շաբաթ առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի դեղագործներէն Անի Համամճեան։ Այս կորուստը իսկապէս խոր ցաւ յառաջացուցած է, որովհետեւ Անի Համամճեան թէ՛ իր ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով ծանօթ էր եւ թէ արժանացած էր բոլորի համակրանքին։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս ներկայ ամառնամուտին թափ ստացած են գործունէութիւնները։ Նորահասներու համար այս շրջանին նախատեսուած է նկարազարդման աշխատանոց մը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Թանիա Հանչէրօղլուի կողմէ։
Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ երէկ այցելեց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը, ուր իր հետեւորդներուն հետ ընդունուեցաւ վիճակաւոր Զեքիեան Գերապայծառին կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ հասարակութենէն հոգեւորականներ եւ աշխարհական գործիչներ։