ԴՐԱԿԱՆ ՀՈՒՆԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ վարակուած է քորոնաժահրով, դրական հունի մը մէջ կը բոլորէ իր մեկուսացման շրջանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վարակուած ըլլալու վերաբերեալ լուրը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան Հայաստանի մէջ երթեւեկի արկած մը անցուցած է։ Կանխաւ յայտնենք, որ իր կացութիւնը լաւ է։
Հոգելոյս Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար արտադրուած գործը ցուցադրուեցաւ CRR-ի երդիքին տակ:
Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ ու երախտաշատ հիմնադիրը՝ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ հերթական անգամ վերյիշուեցաւ՝ իր շիրիմին վրայ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Գարակէօզեանի ընտանիքը այս առթիւ անգամ մը եւս բիւր յարգանքով իր խոնարհումը բերաւ՝ կրթօճախը հաստատած հիմնադրի անթառամ յիշատակին առջեւ։
Կ՚ըսուի, որ ծնող մը կը կարողանայ տասը զաւակ խնամել, բայց, չափահաս դառնալէ վերջ այդ տասը զաւակը կը դժուարանայ ծնողը պահել… Ժողովրդական իմաստութիւնը, սուր դիտարկումներով ու դիպուկ բանաձեւումներով կը ցոլացնէ կեանքի ճշմարիտ պատկերները։
Հեռանկարային շինարարութիւնները կը կաղան ժամանակաւոր դժուարութիւններու պատճառով:
Ցաւով տեղեկացանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ ժողովրդական երաժշտութեան խորհրդանշական դէմքերէն՝ յայտնի մեներգիչ Քենան Մենեքշէ։ Ան հասած է Տիարպաքըրի նշանաւոր «Կեավուր մահալլէսի»էն, եղած է որդին՝ Կարապետ Պուպօ Մենեքշէի։
Մխիթարեան վարժարանի համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը, որով համայնքային շրջանակները պաշտօնապէս տեղեակ պահուեցան կարեւոր կարգադրութեան մը մասին։ Իրականութեան մէջ, առաջին հայեացքով, Մխիթարեանի ընտանիքին վերաբերեալ ներքին կարգադրութեան մը բնոյթը կը կրէ այս իրադարձութիւնը, սակայն, մեր ընկերամշակութային կեանքին տեսակէտէ կը ստանայ դրական հեռանկարներ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։