«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵՆԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է՝ ֆրանսերէն բնագիրէ թարգմանուած «Վարդօ» գիրքի հայերէն եւ թրքերէն տարբերակները։ Գործի հեղինակներն են՝ Կորիւն Ափրիկեան, Ստեփան Թորոսեան եւ Ժան-Պլեզ Ճիան։ Սա կը վերաբերի երկու պատանիներու ոդիսականին 1915-ի սեւ օրերուն։