ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Շանթ Ալթունքարա փայլուն նուաճումի մը հասած է ատամնաբուժութեան մարզին մէջ։ Ան ստացած է բերանի, ատամներու եւ կզակի մասնագէտ-վիրահատի կոչում։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Մարալ» միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ Արման Տօնէրեանի։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։
Մեծն Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ հերթական յոբելենական ձեռնարկը մեր համայնքէն ներս:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի վիճարկումները կը շարունակուին դատական իշխանութիւններու մօտ։ Կը տեղեկանանք, որ երէկ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան դատ մը բացած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի այժմու երթին դէմ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագէն վերջ նորին սրբազնութիւնը կ՚երեւի մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Էֆրիմ Պաղի եւ Գէորգ Օքճուի հետ, որոնց գրեթէ բոլորն ալ իր կողմէ առաջադրուած են պատգամաւորի թեկնածու՝ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան համար: