ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Իրեն կ՚ընկերանար մեր համայնքի համակրելի երիտասարդներէն, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ բաժանմունքի աշխատակից Արաս Աշըք։
Վերամուտ է կրկին:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Աբիկ Հայրապետեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի այնքան սիրուած բարերարներէն, յայտնի գործարար Ասատուր Բարունակեան։ Սա իսկապէս անժամանակ եւ ցնցիչ կորուստ մըն է։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Վան, ուր պիտի հանդիսապետէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին։ Ինչպէս ծանօթ է, անվըտանգութեան պատճառներով վերջին տարիներուն Աղթամարի տարեկան պատարագները յետաձգուած էին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը:
Պէյօղլուի ընտանիքն ու համայնքային շրջանակները երէկ մեծ ցաւով ընկալեցին թրքահայ իրականութեան երիցագոյններէն Աբիկ Հայրապետեանի մահ-ւան բօթը։ Օրուան առաջին կէսին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն հասած տխուր լուրը անմիջապէս արձագանգ գտաւ ամբողջ համայնքէն ներս։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը։ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։