ՄԱՀ՝ ԿԱՐՊԻՍ ՄԱՍԿԱՖԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ գիշեր իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի երախտաշատ ու յայտնի ներկայացուցիչներէն Կարպիս Մասկաֆեան։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մասկաֆեանի անզուգական հայրն էր ան, որ երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած է 89 տարեկան հասակին։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագէն վերջ նորին սրբազնութիւնը կ՚երեւի մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Էֆրիմ Պաղի եւ Գէորգ Օքճուի հետ, որոնց գրեթէ բոլորն ալ իր կողմէ առաջադրուած են պատգամաւորի թեկնածու՝ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան համար:
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները վերջերս ընտանեկան հաւաքոյթով մը տօնախմբեցին՝ 90-ամեակի յոբելենական համերգին ժամանակ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ երգչախումբի անդամները համախմբուելով զիրար շնորհաւորեցին եւ լիցքաւորուեցան ապագայ նոր յաջողութիւններու ճանապարհին։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լետա Պոյաճըի «Իքի շեքերլի» գիրքի ծանօթացման երեկոյթը։ Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս շնորհանդէսը արժանացաւ գրասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Իսթանպուլահայ հասարակութեան ծանօթ երգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ան նորին սրբազնութեան նուիրեց նմոյշ մը իր սկաւառակէն, որ «Լոյս» կոչուած է, կը պարունակէ հոգեւոր երգեր, տաղեր եւ մեղեդիներ։
Լիբանանահայ ծանօթ առեւտրական Սեդրակ Քիւրէճեան, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան մշակութային հարստութիւնները պահպանելու բաժնի վարիչ Մահիր Փոլատ ու ընկերակիցները, հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Եշիլգիւղի վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կազմակերպուած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ միասնականութեան կարգախօսով։