ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 13 հոկտեմբերին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Մալթայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ուղարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ հետեւեալը.
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը այսօր յետմիջօրէի ժամերուն հասած է Գումգաբու։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տակաւին պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են այս մասին։ Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր երեկոյեան ժամերուն կ՚իրականացնէ իր հերթական ժողովը, որու աւարտին ամենայն հաւանականութեամբ համապատասխան յայտարարութիւնը կատարուի Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ Լուսաւորիչ երգչախումբի հիմնադրութեան 90-ամեակի յոբելեանը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր մամլոյ աշխարհի բազմամեայ սպասաւորներէն Կարպիս Ե. Մուրատեան շաբաթավերջին կնքած է իր մահկանացուն։ Թրքահայ մտաւորական կեանքի երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին էր ան, որ ծնած էր 1924 թուականին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ Գումգաբուի մէջ քննարկում:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանը, որուն կ՚ընկերանար Մարիամ Տրամէրեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգ Սիմքէշեան միեւնոյն ժամանակ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան բազմամեայ ատենապետն է ու կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։