ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԿԸ ԲԱՆԻ
Իսթանպուլի կուսակալութիւնը երէկ իսկ պաշտօնապէս իրազեկուեցաւ նախօրէին Նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ ժողովի գումարման եւ դիւանի կազմութեան մասին: Պատրիարքարանէն նահանգապետարան ուղարկուած նամակը ստորագրեցին տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու:
Մինչ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի աշխատանքները թափ կը ստանան աստիճանաբար, բոլորին ուշադրութիւնը տակաւին առաջին քայլափոխին կեդրոնացած է երկու հիմնական առաջնահերթութեան վրայ. կանխել ժամանակի կորուստներն ու երաշխաւորել արդարութիւնը: Գումգաբուի մէջ հերթական նիստերը նախատեսուած են ամէն երկուշաբթի: