ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՀԱՍԱՆ ՔԱՂԱՔՍ
Նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի վաղուան յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն մասնակցելու համար այս առաւօտ քաղաքս հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ կը գլխաւորուի այս պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ երեկոյեան քաղաքս ժամանեց՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութեան վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս կիրակի պիտի կատարէ հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վերջին օծումը։
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու երկարամեայ հիմնախնդրին մէջ նոր փուլ մը, որ կու գայ բնորոշուիլ միջանկեալ կարգադրութեան տպաւորութեամբ, սակայն հեռու կը մնայ հիմնական լուծման համատարած ակնկալութիւնները գոհացնելէ:
Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ 84-րդ գահակալի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ կիրակի:
Թրքահայ համայնքը կը սգայ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր անժամանակ կորուստը. 63 տարեկան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարքին վախճանման կապակցութեամբ հեռաձայնով կապ հաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիսկոսին խոր ցաւով տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան այսօր կէսօրուան ժամերուն վախճանած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը գտնուէր վերջին տարիներուն։
Երէկ երեկոյեան ամերիկահայ յայտնի երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի զուարճախօսութիւնը։
Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի լիկէոնի բաժինը 25-28 փետրուար 2019 թուականերու միջեւ, օգտուելով նաեւ Բարեկենդանի արձակուրդէն, կատարեց քառօրեայ պտոյտ մը դէպի Վենետիկ: Աւելի քան վաթսուն մխիթարեանցի աշակերտներէ բաղկացեալ խումբը կը գլխաւորէր տնօրէնուհի Եւա Օրագեան: Աշակերտներուն կ՚ընկերակցէր նաեւ չորս ուսուցիչ:
Նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեան վաղը իր առաջին ցուցահանդէսը պիտի բանայ քաղաքիս մէջ՝ 8 մարտի առթիւ: