ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՇՐՋԵՑԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին նկարիչ Տարօն Մուրատեանի ցուցահանդէսը, որ բացուած է «Քատիր Հաս» համալսարանէն ներս։ «Բացայայտ գաղտնի խաղ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը պատրաստուած է Փրոֆ. Հասան Պիւլենտ Քահրամանի կողմէ
Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարգար Էսաեան ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դարձեալ թեկնածու առաջադրուած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ երեկոյթով մը հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին։ Լիսէի 49-րդ շրջանաւարտներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան հանդէս մը տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տարեվերջի շրջանին տեղի ունեցան երգի ու պարի ներկայացումներ։ Համայնքային զանազան վարժարաններէ աշակերտներ ներկայացուցին անցեալ եղանակին իրենց ծաւալած աշխատանքի արդիւնքը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս 2017-2018 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ փառատօնի շաբաթով մը։ Աւանդական այս ծրագրի շրջագծին մէջ, դպրոցի զանազան անկիւններուն տղաքը իրականացուցին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։ Փառատօնը իսկապէս մեծ եռուզեռի մը մթնոլորտը ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ մասնաւոր խրախճանքով մը։ Դպրոցի չորրորդ դասարանը աւարտած աշակերտները եւս մասնակից դարձան այս ծրագրին։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որով այս տարուան շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը պատրաստուի այցելել Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Ինչպէս ծանօթ է, Կրետէ կղզիի հայ առաքելական համայնքը մաս կը կազմէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 24 Յունիսի կանխահաս ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան վերստին երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան կողմէ։
Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ Ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը եւ տիկնանց յանձնախումբը ամառնամուտի շրջանին համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպած էին այս հաւաքոյթը։