ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ
Գումգաբուի մէջ արդէն ստեղծուած է Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն բնորոշ աւանդական մթնոլորտ։ Պատրիարքարանի տօնածառը վերջին օրերուն յարդարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Գումգաբուի մէջ արդէն ստեղծուած է Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն բնորոշ աւանդական մթնոլորտ։ Պատրիարքարանի տօնածառը վերջին օրերուն յարդարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին կողմէ խումբ մը։ Կամաւոր հոգաբարձուներ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած խումբին մաս կազմեցին տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան, քանի մը աշակերտներ եւ կրթական մշակներուն կողմէ ներկայացուցիչներ։
Գալֆաեան Տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Ամանորի խրախճանք մը՝ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ես այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աչքին կը շարունակեմ մնալ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ», երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Սրբազան հայրը ներկայացուց այն իրագործումները, զորս կատարած է ութ տարիներուն ընթացքին, յիշեցնելով նաեւ, որ միաբանութեան բոլոր անդամները, աշխարհական գործիչները եւ նոյնիսկ օտարներ գնահատած են իր գործունէութիւնը:
Էսաեանի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ վարժարանին ի նպաստ Ամանորի սեմին կազմակերպուած աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Դպրոցի սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ երկօրեայ ծրագիրը։ Երէկ, օրուան սկիզբին, քէրմէսի բացման ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։
Երէկ, հայճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն, որուն կ՚ընկերանային նոյն խորհուրդի սիւներէն Նազար Գալփաքճը եւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրօլ Չընար։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ փափաքած էին տեղեկութիւններ փոխանցել Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած տարեկան մատաղօրհնութեան:
Համայնքային շրջանակները անվերապահօրէն կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի կարեւոր ու կենսական առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական իրականութենէն ներս:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Տարուան վերջին օրը նախատեսուած է Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը, իբր այդ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները նախօրէին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութիւնը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցաւ հոգեբան Սելին Էօզքան։