ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ԻՆՔԶԻՆՔՆԻՍ ՉԽԱԲԵՆՔ»
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարեց, որ պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը թեւակոխած է նուրբ փուլի մը։ Մեր համայնքը պէտք չէ ինքզինքը խաբէ եւ մանաւանդ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ու Նախաձեռնարկ մարմինը այլեւս պէտք է տեսնեն իրողութիւնները։