Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ «ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ԽՈՀԵՐ»Ը
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երիտասարդ անդամներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը։ «Քառասնօրեայ խոհեր» կը կոչուի այս գործը, որ լոյս տեսած է Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան շրջանին։