Թրքահայ կեանք

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Պա­քըր­գիւ­ղի «Է­ֆէն­տիմ» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Վարժա­րա­նի հա­մա­կիր­նե­րը այս առ­թիւ հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեամբ։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

ԱՐԱՄ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նազար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Ու­սուց­չաց օ­րուան յա­ջորդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Թըր-քա­հայ ու­սուց­չաց հի­մնար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, որ ձօ­նուած էր մեր կրթա­կան մշակ­նե­րուն։

ԲԵՄԱԴՐԻՉ ԱՐԹՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՊԻՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒԻ ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԷՍԻՆ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ ներ­կայ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին Գա­րա­կէօ­զեան Տան հա­մա­լի­րէն ներս պի­տի ո­գե­կո­չուի ան­մո­ռա­նա­լի թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ Ար­թօ Պէր­պէ­րեան։ Յա­ռա­ջի­կայ 1 Դեկ­տեմ­բե­րին Ար­թօ Պէր­պէ­րեա­նի մա­հուան 17-րդ տա­րե­լի­ցը պի­տի նշուի եւ այս առ­թիւ իր հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ նա­խա­տե­սուած է ծրա­գիր մը։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին, Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ազ­գա­յին հան­րա­ծա­նօթ բա­րե­րար­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, իսկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ ե­րէց Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ


Համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն ցուցաբերեցին Տատեան վարժարանի նկատմամբ՝ որպէսզի նորակառոյց համալիրէն ներս կրթական գործունէութիւնը շարունակուի ամուր հիմքերու վրայ եւ հարուստ աւանդութիւններով այս հաստատութեան աշխատանքը արգասաւորուի նոր սերունդներ հասցնելու ճանապարհին: Դպրոցի պիւտճէն թէեւ վերջնականօրէն չհաւասարակշռուեցաւ, սակայն գոնէ թթխմոր մը գոյացաւ հրատապ կարիքներու դիմագրաւման համար: Քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու կատարուած յամառ գործը նկատեց օրինակելի ու խոստացաւ յառաջիկային եւս նեցուկ կանգնիլ հնարաւորինս: Նախկին շէնքը վարձու տալու պարագային պիտի ուրուագծուի նիւթական հաւասարակշռութիւնները վերականգնելու հորիզոնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:

INTERCONTINENTAL-Ի ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին ճաշ­կե­րոյթ մը սար­քուե­ցաւ Թաք­սի­մի INTERCONTINENTAL պան­դո­կին մէջ։ Ե­րե­կոյ­թը պա­տուեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։

«ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ»

Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահի մուտքասրահէն ներս ներկայացուեցան պոլսահայ լուսանկարչին գործերը:
Նուրհան Աքքայա պատուոյ գիր մը ստացաւ՝ ձեռամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, որ գնահատեց իր ստեղծագործութիւնները:

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցին շարք մը այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու պտոյտ­ներ։ Ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ, այս ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը տղոց հա­մար դար­ձան թէ՛ օգ­տա­կար եւ թէ հա­ճե­լի։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Գալ­ֆաեան Տան սա­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դէս մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին՝ 24 Նո­յեմ­բե­րի Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­նոնք ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց յա­ջող կա­տա­րում­նե­րով։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻ ՀԱՃԵԼԻ ԱՅՑԸ

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեա­նը։ Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի կեան­քին, մա­նա­ւանդ ման­կա­պար­տէ­զի ա­ռօ­րեա­յին տե­ղեակ են՝ վեր­ջին շրջա­նին կ՚ող­ջու­նեն Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը։

Էջեր