ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան ծրագիրը պատրաստուած էր մանկապարտիզպանուհիներ՝ Արուսեակ Քէչէեափանի եւ Երջանիկ Էրզրումլուօղլուի հսկողութեան ներքեւ։