ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐԱԿՈՉ
Այս Կիրակի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Երէկ, տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն՝ Մինաս Գաբըսըզը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները մեզի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի պիւտճէի ներկայ բարդ հաւասարակշռութիւններուն շուրջ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարներ Ֆէսճեան, Սէրթշիմշէք, Չոլաքեան եւ Մեծարեան ընտանիքներու անդամները։ Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, ներկայ եղան կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան այցելեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը։ Արէտ Երկանեան կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ ներկայացուցիչի գրասենեակի բացման հաւաքոյթին։

Պոլսահայութիւնը Սուրբ Ծննդեան աւետիսով գիրկընդխառնուեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ:
Իսթանպուլահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն նոր տարուայ աւանդական հաւաքը՝ Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ աւանդական ձեռնարկ՝ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական մանկանց խրախճանքը։ Համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն համար նախատեսուած այս խրախճանքին ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով, ունեցան հաճելի ժամանց ու մանաւանդ նուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկին ձեռամբ։