ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐ
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Ս. Զատկի առթիւ խրախճանքներ կազմակերպեց իր ձմրան դասընթացքներուն մասնակից աշակերտներուն համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլիի դասընթացքները տեղի կ՚ունենան թէ՛ ակումբի հաւաքատեղիի մարզասրահին եւ թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջնականօրէն մերժեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջարկած համաձայնութիւնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ պատրաստուած, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ մերժուած համաձայնութեան նախագիծը, որուն մասին զանազան լուրեր հրապարակուեցան վերջին օրերուն համայնքային մամուլին մէջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հրապարակեց այդ ձախողած նախագծի ամբողջ բովանդակութիւնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի հանդէս մը։ Մասնաւորապէս նախակրթարանի փոքրիկներուն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ձեռնարկը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս հերթական անգամ յաջողութիւն մը արձանագրեցին ճատրակի մէջ։ Այսպէս, դպրոցի խումբը ախոյեան հանդիսացաւ «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ վերջերս կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքի արդիւնքին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թավրան եւ իր ընկերները։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւս ներկայ գտնուեցաւ հանդիպման։ Ապրիլի 23-ին նախատեսուած է այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք-100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Աւագ Շաբաթ»։
Համայնքային նախակրթարաններուն մասնակցութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնք կազմակերպուեցան առաջին անգամ։ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցեցան Թուրք ուղեղի խումբը, «Akıl oyunları» եւ «Zeka oyunları» խումբերը։