ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային ութերորդ մտախաղերը՝ միջնակարգերու մակարդակով:
Թուրքիոյ Ուղեղի խումբին աջակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը այս տարի եւս փայլուն արդիւնքով պսակուեցաւ՝ շնորհիւ աշակերտներու յաջողութեան:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին նախատեսուած ժողովներուն վրայ, որոնք պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին պիտի ունենան անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Երկուշաբթի նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստը, իսկ Չորեքշաբթի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցականաց համագումար, որ պիտի ընտրէ պատրիարքական տեղապահը։
Երէկ երեկոյեան «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի Հարպիյէի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։
Երէկ կէս գիշերին Իսթանպուլ ժամանեց Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Այս առաւօտ ան այցելեց Շիշլիի գերեզմանտունը, ուր իր հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի եւ Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի շիրիմներուն մօտ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ էին ընդհանրապէս Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն համայնքային դէմքեր։
Իսթանպուլահայ զանազան հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ կանայք երէկ Մարտի 8-ի առթիւ համախմբուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ «Կիւլպէնկեան» սրահի մէջ սարքուած սիրոյ սեղանով անոնք նշեցին Համաշխարհային կանանց օրը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը եւ այս առթիւ մշակուած է մասնաւոր ծրագիր մը։ Նախընթաց օր, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու այդ կառոյցի հովանիին տակ գործող «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։
Թաքսիմ մարզակումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սարին Թաշհան իրաւունք շահած է յաճախելու Հայաստանի յառաջատար կրթական հաստատութիւններէն մէկը՝ UWC-ի Դիլիջանի գոլէճը։ Ան ներկայիս կ՚աշակերտի Կեդրոնական վարժարան, որմէ առաջ աւարտած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։