ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԽԱՌՆԱՇՓՈԹ
Եկեղեցականաց համագումարը երէկ տեղապահ ընտրեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը, սակայն Իսթանպուլի կուսակալութենէն հասած նամակը կասեցուց գործընթացը:
Պատրիարքարանը շարժման անցած է կուսակալ Վասիփ Շահինէն ժամադրութիւն մը ապահովելու համար՝ յստակացնելու նպատակով բոլոր մանրամասնութիւնները:
Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ տեղապահ ընտրուած Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան (աւազանի անունով Տիգրան) ծնած է 21 Դեկտեմբեր 1942 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ, աւելի վերջ յաճախած է Սուրբ Խաչ դպրեվանք։
Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը Գումգաբուի մէջ այսօր նախատեսուած նիստով պաշտօնի կը կոչէ տեղապահ մը, որ պիտի կրէ ծանր բեռ մը:
Գերմանահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այց մը տուաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանին։ Այս վերջինը իր գրասենեակին մէջ ջերմօրէն հիւրընկալեց Նորին Սրբազնութիւնը։
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ կը ստեղծուի արտասովոր խանդավառութիւն:
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի բազմամեայ անդամներէն, թերթիս սիւնակագիր Վարուժան Սայաճեանի։ Իր կորուստը խոր ցաւ պատճառած է թերթիս ընտանիքին՝ քանի որ ան երկար տասնամեակներ անսակարկ նուիրումով ծառայած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ հայ մամուլին համար։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային ութերորդ մտախաղերը՝ միջնակարգերու մակարդակով:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին նախատեսուած ժողովներուն վրայ, որոնք պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին պիտի ունենան անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Երկուշաբթի նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստը, իսկ Չորեքշաբթի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցականաց համագումար, որ պիտի ընտրէ պատրիարքական տեղապահը։
Երէկ երեկոյեան «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի Հարպիյէի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։