ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի թեւակոխած նոր փուլը եւ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ձեւաւորուած ենթադրութիւնները՝ հրատապ օրակարգ:
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս-խորհրդակցութիւն մը՝ հաստատութեան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներուն մասնակցութեամբ:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ ուսուցչաց կազմն ալ բաժնեցին ծրագրի մասնակից՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի սաներուն ուրախութիւնը։
Գալֆաեան Տան մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի հանդիսութիւն մը, որու պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին հայերէնի ուսուցչուհի Սիրանոյշ Էօզնիկոլեանի մականին ներքեւ։ Այս առթիւ աշակերտները ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հաղորդ դարձան այս աւանդութեան։
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 108-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 85-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ նշուեցան տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Մխիթարեանի ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ շաբաթավերջին համախմբուեցան յուզումնախառն հաւաքոյթի մը առթիւ։ Այսպէս, մասնաւոր երեկոյթով մը փակուեցան Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին դռները՝ վերանորոգութեան աշխատանքներու համար։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց համակրելի մեներգչուհի Սիպիլը, որ միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Երեւանի մէջ։
Այս շաբաթավերջին, Բուն Բարեկենդանին զուգահեռ Ֆէրիգիւղի Վարդանաց Դպրաց Դաս-երգչախումբը պիտի նշէ իր տարեդարձը։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 108-րդ եւ երգչախումբի կազմաւորման 85-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, հովանաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։
Երէկ, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ խանդավառ խրախճանք մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը՝ Բարեկենդանի եւ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Տղաքը այս երկու տօներուն շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, դպրոցի ծնողաց միութենէն եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։