ԶԻՊԷՉ-Ի ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ


Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած անգլերէն բառախաղը երէկ եզրափակուեցաւ։ Նախընթաց օր միջնակարգերու մակարդակով տեղի ունեցած բառախաղերուն երէկուան եզրափակիչ փուլը միջլիսէական մակարդակի վրայ էր։
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց իր տարեկան աւանդական գարնան պտոյտը։ Թէ՛ պաշտօնի գլուխ գտնուող եւ թէ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներուն համար նախատեսուած էր այս պտոյտը, որուն մասնակցեցան բազմատասնեակ կրթական գործիչներ։ Էմիրկեանի «Պէյազ» ապարանքին մէջ համախմբուեցան պտոյտին մասնակիցները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները կեանքի կոչեցին պարի եւ երաժշտութեան փառատօն մը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։

Մերազն համայնքի սիրեցեալ բարեպաշտ զաւակներ,
Մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի առկայ անելը Ձեզի ծանօթ է բոլոր մանրամասնութիւններով։ 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունացած Եկեղեցական համագումար ժողովէն վերջ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնագիրը ակամայ ընդհատած էր պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու գործընթացին բնականոն երթը։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ անգլերէն բառախաղի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ այս տարի կազմակեպուեցաւ 11-րդ անգամ։ Վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ձեռնարկը։
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին երէկ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի ննջարանի բաժնի պարտէզին մէջ համակիր կանայք համախմբուեցան սեղաններու շուրջ՝ համտեսելով իրենց համար պատրաստուած մանթին։
Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի տարեվերջի հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու յայտագրին մաս կազմեցին աշակերտներու ելոյթները։
Գալֆաեան Տան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային մարմնամարզական խրախճանք մը, «Ասլը Չաքըր» մարզական համալիրէն ներս։ Դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ Հաքան Կիւնարթանի ղեկավարութեան ներքեւ կազմակերպուեցաւ այս միջվարժարանային խրախճանքը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։
Երէկ յետմիջօրէին, Պետրոս Շիրինօղլու այցելեց Իսթանպուլի կուսակալութիւն։ Ան ընդունուեցաւ կուսակալ Վասիփ Շահինի կողմէ։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց այս զրոյցը, որու ընթացքին Շահին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Շիրինօղլուն։