ԳԱՒԱՌԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ գաւառի մեր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ գաւառի մեր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։
Շիշլիի գերեզմանատան նկարներու հարցին շուրջ Կեդրոնական վրժ.ի նկարչութեան ուսուցչին խօսքը:
Եավուզ Քըլըչէր. «Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ կ՚աշխատինք փոխադարձ վստահութեամբ»:
Շիշլիի գերեզմանատունէն Ասպետ Ջունդի ստեղծագործութիւնները կը պակսին՝ Կարօ Համամճեանի ատենապետած յանձնախումբի պաշտօնավարութեան շրջանէն ի վեր:
Այժմու պատասխանատուներուն բացատրութիւններով, նորոգութեան ուղարկուած այդ պաստառները շուրջ ամիս մը վերջ վերստին պիտի զետեղուին իրենց տեղը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն եւ մեր գեղարուեստական կեանքի ծանօթ անուններէն մին՝ Կարօ Այվազ։
Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները երկար ջանքերէ մը վերջ որոշեցին ծրագրաւորեալ ձեւով միացնել երկու կրթօճախներու ճակատագիրը:
Սկիւտարի մէջ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին կրթական նոր եւ ընդարձակ համալիրի մը կառուցումը՝ երաշխաւորելու համար երկու վարժարաններուն ապագայ առողջ գոյատեւումը:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ առաւօտ կազմակերպուեցաւ պատմական նշանակութեամբ ստորագրման արարողութիւն մը:
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը թուղթի վրայ պաշտօնապէս պիտի մնան երկու անջատ կառոյց, բայց գործնականին մէջ պիտի նոյնանան բոլոր առումներով։ Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն ստեղծուած համագործակցութեան մթնոլորտը եւ անով պայմանաւորուած փայլուն հեռանկարները:
Տոց. Թորոս Ալճանի բացատրութիւններով, այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը հետամուտ է կրթական աշխարհի փոփոխեալ չափանիշներուն այլեւս քայլ յարմարցնելու եւ թրքահայ կեանքէն ներս միասնականութեան ոգիով գործելու մշակոյթի վերահաստատման:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Զենոբ Էֆէնտի Մէրամէթճեանը։ Անցեալ Կիրակի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի բարերարը, հանդիսապետութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեանի։