ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԼՈՒՐՋ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉԿԱՐՈՂԱՆԱՅ ՍՏԱՆԱԼ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ
Ամերիկեան «Stratfor» յայտնի վերլուծական կեդրոնի մասնագէտները կը նախատեսեն, որ այս տարի պիտի ձախողին Հայաստանի փորձերը, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն լուրջ աջակցութիւն ստանալու հետամուտ են։
Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան շաբաթավերջին յայտնեց, որ Երեւան կը դիտարկէ Մինսքի խումբը լուծարելու հարցով ԵԱՀԿ-ին դիմելու հնարաւորութիւնը։
Իրան 800 քիլօմեթր տրամաչափով ռատար մը տեղադրած է իր հիւսիսին։ Այդ շառաւիղը կ՚ընդգրկէ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկինքը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական կը գնահատէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատգամները՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ։
Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ առաւօտ համախմբուեցաւ մամլոյ սպասաւորներու խումբի մը հետ։ 10 յունուարի Գործող լրագրողներու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութեանց մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիանը, որ նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։ Իրանի պատուիրակութիւնը Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հարցերը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ դիւրացնել Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիա նահանգէն ներս ծագած մեծ հրդեհները այս շրջանին վերածուած են աղմկայարոյց իրադարձութեան՝ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալով։